image

Երուսաղէմի Պատրիարքի Առաջնորդութեամբ Ուխտագնացութիւն Դէպի Յորդանանի Գետ (Լուսանկարներ)

Երուսաղէմի Պատրիարքի   Առաջնորդութեամբ Ուխտագնացութիւն Դէպի  Յորդանանի Գետ  (Լուսանկարներ)

Կիրակի, 31 Յունուարին,  Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը կատարեց ուխտագնացութիւն Յորդանան գետ՝ Տիրոջ մկրտութեան վայրը:Քոյր Եկեղեցիներու նման Հայաստանեայց  Առաքելական   Եկեղեցին  իրաւունք ունի Ծննդեան տօնէն   ետք ուխտագնացութիւն կազմակերպել Յորդանան գետ եւ կրկին կատարել Ջրօրհնեաց արարողութիւն: Նշենք, որ     Կիրակի օր  տեղի ունեցած արարողութեան  հանդիսապետած է   Երուսաղէմի  Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը:  Ուխտագնացութեանը մասնակցած են  Երուսաղէմէն , Հայֆայէն ,  եւ Եաֆայէն   բազմաթիւ  հայորդիներ: Այս առթիւ, Յորդանան գետ  այցելեցին Յորդանանի Թագաւորութեան մէջ բնակող հայերը, ընկերակցութեաբ ՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր  եւ Հոգեւոր Հովիւին:    Արարողութեան աւարտին, Միաբանութիւնը եւ ուխտաւորները այցելեցին պատմական Երիքով քաղաքը: