image

Էրտողանի զօրակցութեան հաւաք լիբանանեան «Մաժտըլ Այնճար» աւանին մէջ

Էրտողանի   զօրակցութեան հաւաք  լիբանանեան «Մաժտըլ Այնճար»  աւանին  մէջ

 Թուրքիոյ  նախագահին    զօրակցութեան հաւաք մը  եղած է   լիբանանեան Պեքաայի «Մաժտըլ  Այնճար»  աւանին մէջ:  Այս  մասին  լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ»  կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  հաւաքին մասնակցած են    շրջանի գիւղապետ ՝  Սայիտ Հիւսէյն Տիպ Եասին,     գիւղի իմամ՝  Մոհամմատ Ապտըլ Րահման եւ  շրջանի   քաղաքապետական  խորհուրդի  անդամներ : Կը հաղորդուի, որ    հաւաքին մասնակիցները Էրտողանի  եւ Թուրքիոյ  կառավարութեան զօրակցական խօսքեր   վանկարկած են  եւ շնորհակալութիւն  յայտնած Թուրքիոյ  ժողովուրդին   «արդար  նախագահ Էրտողան»ը  պաշտպանելու եւ   «փողոց իջնելու համար»: Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիոյ   զօրակցական հաւաքներ կը կատարուին հայկական Այնճար աւանին հարեւանութեամբ գտնուող սիւննի բնակչութիւն ունեցող Մաժտըլ Այնճարի մէջ: