image

Էրտողանի դէմ մահափորձ ծրագրողները փետրուարին պիտի դատուին

Էրտողանի դէմ մահափորձ ծրագրողները փետրուարին պիտի դատուին

Թուրքիոյ նախագահին դէմ մահափորձ ծրագրելու մեղադրանքով բանտարկուածները յառաջիկայ փետրուարին դատարանի առջեւ պիտի կանգնին: Այս  մասին կը փոխանցէ թրքական իշխանամէտ «Տէյլի Սապահ»ը: Աղբիւրը կը  նշէ, որ մահափորձ ծրագրողները 47 հոգի են եւ անոնք ձերբակալուած էին Թուրքիոյ մէջ եղած ձախող յեղաշրջման օրերուն: Ըստ  աղբիւրին յանցախումբը ծրագրած էր Էրտողանը թիրախ դարձնել Մարմարիս շրջանին մէջ:

 Յիշեցնենք, որ 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ եղած ձախող յեղաշրջման հետեւանքով սպաննուած էին  248 անձեր, մինչ  վիրաւորներուն թիւը  հասած էր  2193-ի: