image

Էրտողան անվտանգութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրած է

Էրտողան անվտանգութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրած է

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Պոլսոյ մէջ իրականացուած ահաբեկչութեան առնչութեամբ անվտանգութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրած է: Այս մասին հաղորդած է թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Լրագրողներու համար դռնփակ նիստը տեւած է շուրջ երկու ժամ: Նիստին մասնակցած են վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, փոխվարչապետներ Նուման Քուրթուլմուշ եւ Թուղրուլ Թուրքէշ, արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Պերաթ Ալպայրաք, ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու, ընտանիքի եւ սոցիալական քաղաքականութեան նախարար Ֆաթմա Պեթուլ Սայան Քայա եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Պեշիքթաշ թաղամասին մէջ 10 Դեկտեմբերին ահաբեկչութիւն իրականացուած էր: Պայթումներէն առաջինը իրականացուած էր «Chevrolet» մակնիշի ինքնաշարժով, որուն մէջ պայթուցիկ տեղադրուած էր: Փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշի տուեալներով` օգտագործուած էր 300-400 քկ պայթուցիկ նիւթ: Երկրորդ պայթումը իրականացուցած էր մահապարտը: Ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած էր 41 մարդ, վիրաւորուած` 155-ը: Կատարուածին պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր «Քիւրտիստանի ազատութեան բազէներ» խմբաւորումը: