image

Եօթ ամսուան ընթացքին 450 ընտանիքներ Հայաստան վերադարձած են. Սփիւռքի նախարարութիւն

Եօթ ամսուան ընթացքին 450 ընտանիքներ Հայաստան վերադարձած են. Սփիւռքի նախարարութիւն

Այս տարի իրականացուած է 85 միջոցառում, որոնց նպատակը սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը պահպանելն էր: Այս մասին 23 նոյեմբերին ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանը:

Որպէս արդիւնք, անոր խօսքով, 9 երկիրներու մէջ միօրեայ դպրոցներ ստեղծուած են: «Սփիւռքում գործող տարբեր հայկական դպրոցներում կազմակերպուել են տասնեակ միջոցառումներ: Միեւնոյն ժամանակ սփիւռքի տարբեր համայնքներին յանձնուել է աւելի քան 50 հազար գիրք», - ըսած է ան՝ նշելով, որ սա սփիւռքի հետ աշխատելու բաւականին հին եւ ոչ այնքան արդիւնաւէտ մեթոտ է, քանի որ գիրքերը միատեսակ էին, եւ միշտ չէ, որ հաշուի առնուած են այդ համայնքի առանձնայատկութիւնները:

Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս նշած է Հայրապետեանը, 2018-ի մայիսէն աւելի քան 450 ընտանիքներ հայրենիք վերադարձած են` շեշտելով, որ անոնք միայն այն ընտանիքներն են, որոնք կապուած են նախարարութեան հետ: Ամէնէն շատ Հայաստան վերադրձած են Ռուսաստանէն, Իրանէն եւ ԱՄՆ-էն: