Սուրիոյ կառավարութիւնն ու Հոմսի հիւսիսային շրջաններու պատասխանատու յանձնաժողովը փոխադարձ համաձայնութեան եկած է, առ այն, որ զինեալ ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքի քաղաքներն ու աւանները վերստին ելեկտրականութիւն պիտի ունենան, փոխարէնը հնարաւորութիւն ստանալով «Ճանտար - Համա» ելեկտրական գիծը վերանորոգելու:
Այս մասին «Սփութնիք»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հոմսի Ելեկտրական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Մուսլէհ Ալ Հասան, միաժամանակ նշելով, որ Հոմսի հիւսիսային շրջանները 2013 թուականի ահաբեկչական յարձակումներէն ի վեր ելեկտրականութենէ զրկուած են: