image

Եէմէնի մէջ ծանր վիճակ. Թիրախ դարձած է զօրակայան մը

Եէմէնի մէջ ծանր վիճակ. Թիրախ դարձած է զօրակայան մը

Եէմէնի հիւսիսարեւելեան Մարիպ նահանգին մէջ բանակային «Ալ-Մայլ» ճամբարի  հրթիռակոծման հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 80-ի, կան նաեւ տասնեակ վիրաւորներ,  կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը ՝ յղում տալով տեղական Belqees հեռուստաալիքին։

Ռազմական աղբիւրներու փոխանցմամբ՝ հրետակոծութիւնն իրականացուած է պալիսթիք հրթիռի եւ անօդաչու սարքերու միջոցով:

Եէմէնի բանակը «Անսար Ալլահ» ապստամբները կը մեղադրէ հրետակոծութեան մէջ։

Եէմէնի մէջ ռազմաքաղաքական բախումը կառավարութեան եւ «Անսար Ալլահ»  շիա շարժման ապստամբներու միջեւ սկիզբ առած է 2014 թուականին եւ կը շարունակուի մինչ օրս: 2015-ի մարտէն Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ արաբական երկիրներու ռազմական դաշինքը հանդէս կու գայ կառավարութեան կողմէ: