image

Եէմէնի մէջ ԱՄՆ-ի վար բերած Ալ Քաիտայի ռազմական օդանաւին մէջ մեծ թիւով զինեալ կիներ եղած են

Եէմէնի մէջ ԱՄՆ-ի վար բերած Ալ Քաիտայի ռազմական օդանաւին մէջ մեծ թիւով զինեալ կիներ եղած են

Կիրակի, 29 յունուարին Եէմէնի մէջ ԱՄՆ Զինուած ուժերը ցած բերած են Ալ Քաիտէ ահաբեկչական կազմաւորման պատկանող ռազմական օդանաւ: Այս մասին կը հաղորդէ «LBCI» հեռուստակայանը:

Ըստ ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան, օդանաւի ցած բերման ընթացքին, մեծ թիւով կին զինեալներ տարբեր ուղղութիւններով վազելով դիրքեր գրաւած են՝ պատրաստուելով  ԱՄՆ ուժերուն դէմ պայքարելու:

Նշուած է, որ 28 Յունուարի գիշերը ԱՄՆ ուժերը Եէմէնի կեդրոնը գտնուող Ալ Պայտաա նահանգին մէջ մեծ թիւով Ալ Քաիտայի զինեալներ սպաննած են, գործողութիւններու ընթացքին զոհուած են նաեւ երկու քաղաքացիներ եւ ամերիկացի զինուոր մը:

Այս առթիւ Փենթակոն մերժած է հաստատել կամ ժխտել յարձակման հետեւանքով երեխաներ նոյնպէս սպաննած ըլլալուն հանգամանքը, նշելով, որ արդիւնքներուն վերաբերեալ տակաւին յստակ տուեալներ չունի: