image
Հրատապ լուրեր:

Դեսպան Աթաբէկեան այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ եւ ընդունուեցաւ նախագահ Աունի կողմէ

Դեսպան  Աթաբէկեան   այցելեց  Պաապտայի նախագահական  պալատ եւ ընդունուեցաւ  նախագահ Աունի կողմէ

 

Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան քիչ առաջ այցելած է Պաապտայի նախագահական պալատ եւ ընդունուած Լիբանանի նախագահ Ն.Վ. Զօր. Միշէլ Աունի կողմէ։
Դեսպանը նաեւ նախագահին հրաւէր մը ներկայացուցած է այցելելու Երեւան մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի միջոցառումներուն, որ պիտի կայացուին յառաջիկայ 24 ապրիլին։
Լուսանկարը՝ Լիբանանի նախագահի Թվիթերեան էջէն։