Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի Ճարամանա արուարձանը թիրախ դարձած է հրթիռային եւ հրասանդային յարձակման: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Դամասկոսի մէջ հրասանդի օրագիր» կայքը:
Աղբիւրի համաձայն, Ճարամանայի ուղղութեամբ արձակուած 4 հրթիռներուն հետեւանքով, արձանագրուած է մէկ զոհ եւ 20 վիրաւոր:
