3 Դեկտեմբերին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Ազրպէյճանի արտքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի հրաւէրով Պաքու պիտի մեկնի: Այս մասին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ երկու արտգործանախարարներու հանդիպման ժամանակ պիտի քննարկուին թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային այլ հարցեր:
Աղբիւր` Ermenihaber.am