«Ազրպէյճանի կողմէ տարածուած լուրը միակողմանի հրադադար յայտարարելու մասին տեղեկատուական ծուղակ է», իր ֆէյսպուքեան էջին այսպէս գրած է ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Յովհաննիսեան նաեւ յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս մասին աւելի ուշ յայտատարութեամբ հանդէս պիտի գայ: Նշենք, որ ազրպէյճանեան մէկէ աւելի կայքեր միակողմանի հրադադար կայացնելու մասին յայտարութեամբ հանդէս եկած էին, բան մը, որ գետնի վրայ չի համապատասխաներ իրականութեան: Վերլուծաբան Հրանտ Մէլիք Շահնազարեանի խօսքով Ազրպէյճանի կողմէ հրադադար յայտարարելու մասին եղած խօսքերը հիմնուած են, ոչ թէ միջազգային հանրութեան հրադադարը վերահաստատելու մասին եղած կոչերուն, այլ պայմանաւորուած են Ազրպէյճանի կրած ծանր կորուստներուն հետ: Նշենք, որ ուրբաթ գիշեր Ազրպէյճանի կողմէ սկիզբ առած ոտնյձգութիւնները կը շարունակուին, եւ ըստ ԼՂՀ ՊՆ թէժ մարտեր կ'ընթանան մէկէ աւելի ճակատներու վրայ: Հայկական սահմանապահ զօրքերը կը շարունակեն համապատասխան բոլոր միջոցները գործադրել՝ լռութեան մատնելու համար ոսոխի կրակակէտերը: Թշնամին ունի ծանր կորուստներ: Հայկական կողմը տուած է 18 նահատակներ եւ կան 35 վիրաւորեալներ: