image

Ազրպէյճան Անօդաչու Սարքերու Սադրանքի Կը Դիմէ

Ազրպէյճան   Անօդաչու     Սարքերու Սադրանքի Կը Դիմէ

Ազրպէյճան  գործի  կը դնէ    անօդաչու թռչող սարքեր եւ  անոնցմով  հրթիռներ կը տեղացնէ  անզէն   քաղաքացիներու  վրայ: Այս մասին տեղեկութիւնը   կը փոխանցէ «Անի ուսումասիրութիւններու  կեդրոն»ի կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ   այսօր յետմիջօրէին    ազրպէյճանական   անօթաչու սարք մը     հարուածած է  Սիսիանէն  Արցախ մեկնած մարդատառ    կառք մը: Դէպքին  հետեւանքով զոհուած  են 7 քաղաքացիներ: Կը հաղորդուի  նաեւ,  որ այս   ընթացքով  անցնող  շաբաթ օր սկիզբ առած  պատերազամական  գործողութեանց   ընթացքին  զոհուած են     11  անզէն  քաղաքացիներ,  20  զինուորներ եւ   26 զինուորներ կը համարուին անյետացած     : Վիրաւորներուն թիւը կը հասնի   շուրջ 70-ի: