Եւրոպայի Հայերու Համագումարը (Assembly Of Armenians Of Europe) մամլոյ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, որ «Եւրոպայի Հայերու Համագումար» նախաձեռնութեամբ սոյն թուականի մարտի 4-6-ը Գերմանիոյ Տիւսպուրկ աւանին մէջ պիտի կայացնէ ու հայութեան հիմնահարցերուն նուիրուած գիտահետազօտական խորհրդաժողով մը՝ «Հայութիւնը Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Աւարտին» ընդհանուր խորագրով, ուր քննարկման նիւթ պիտի դառնան Ցեղասպանութեան, հայկական պահանջատիրութեան, Արեւմտեան Հայաստանի, Արցախեան հիմնահարցի, Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներու, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանային զարգացումներու վերաբերեալ թեմաներ, տարբեր վերնագրերով: Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին քննարկման պիտի դրուին ներկայացուած հարցերը, եւ եզրափակիչ քննարկումէն ետք պիտի կատարուի բանաձեւերու ընդունումը: Խորհրդաժողովին զեկոյցումներով հանդէս պիտի գան Եւրոպայի տարբեր երկրներէ՝ Հայաստանէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն, Ռուսաստանէն, Մեծ Բրիտանիայէն ու Թուրքիայէն այցելած պատուիրակներ: Քանի մը այլ երկրներէ եւս զեկոյցներ պիտի ներկայացուին համացանցային կապի միջոցաւ: Խորհրդաժողովի բացումը պիտի կատարուի Եւրոպայի Հայերու Համագումարի նախագահ Կարօ Յակոբեանի խօսքերով եւ թենոր Մասիս Առաքելեանի կոմիտասեան մի քանի երգերով: Խորհրդաժողովին մասին պիտի հրապարակուի ամենօրեայ լրատուութիւն: