image

Այս յարձակումով Թուրքիան ճահիճի մէջ պիտի մտնէ.Քիւրտ ղեկավար

Այս   յարձակումով Թուրքիան  ճահիճի մէջ պիտի մտնէ.Քիւրտ  ղեկավար

Քրտական Տէմոքրատական կուսակցութեան  (PYD)   առաջնրդ Սալէհ Մուսլէմ այսօր խստօրէն դատապարտած է  թրքական ուժերու  Սուրիա մուտք գործելը: Մուսլէմ, որ այս մասին Twitter-եան գրառումներ  կատարած է, գրած է, թէ   «Թուրքիան այս քայլով   պիտի   մխրճուի ճահիճի մէջ»: Նշենք, որ առաւօտեան կանուխ   ժամերէն  սկսեալ, թրքական  բանակի     երկու  գումարտակներ  մտած էին սահմանային   Ճարապլուս քաղաք: Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողան         ժամ մը առաջ  յայտարարութեամբ հանդէս գալով   յայտնած էր, թէ  իրենք ամէն   ճիգ  պիտի գործադրեն   Տահէշի դէմ պայքարելու համար: