image
Հրատապ լուրեր:

Այս է՞ մարդկութիւնը. Բոլորը գիտեն մեր ողբերգութիւնը: Ո՛չ ուտելիք, ո՛չ ըմպելիք, այսօր ալ տարհանում.Լիբանան ապրող գաղթական

Այս է՞ մարդկութիւնը. Բոլորը գիտեն մեր ողբերգութիւնը: Ո՛չ ուտելիք, ո՛չ ըմպելիք, այսօր ալ տարհանում.Լիբանան ապրող  գաղթական

Ըստ BBC Arabic  կայանին, Լիբանանի իշխանութիւնները սուրիացի փախստականներէն  պահանջած են հեռանալ Աքքարի (հիւսիս)  աւանին  մէջ գտնուող գաղթակայանէն: Աղբիւրը կը նշէ,  որ  այդ գաղթակայանը  կ′ընդգրկէ 350  սուրիացի  փախստական ընտանիք:  

Փախստականները այլընտրանք խնդրելով, մտահոգութիւն յայտնած են, թէ ասկէ վերջ ուր պիտի ըլլայ իրենց ուղղութիւնը:

Լիբանանեան  ապահովական աղբիւր մը, ըսած է. «Իշխանութիւնները փախստականներուն 10 օր պայմանաժամ տուած են` պարպելու Ռիհանիէ գաղթակայանը»:  

Նշենք, որ Ռիհանիէ գաղթակայանը կը գտնուի Պըպնին աւանին մէջ, որ ունի 30 հազար բնակիչ: Աքքարի մէջ կան մօտաւորապէս 25 գաղթակայաններ, որոնցմէ ամենամեծը Ռիհանիէն է:

Ապահովական աղբիւրը  նոյն կայանին խօսելով, տեղեկացուցած է նաեւ. «Այս պահանջը ներկայացած է՝ լիբանանեան հողերուն վրայ գաղթակայաններու աշխարհագրական բաժանման եւ սուրիացի գաղթականներու վերակարգաւորման ծրագրի ծիրին մէջ: Այս գաղթակայաններու տարածումը, աւանի բնակիչներու թիւը կրկնապատկած է, ուր Սուրիոյ պատերազմէն փախած հազարաւոր գաղթականներ   կայք հաստատած  են»:

Յայտնենք, որ ոչ պաշտօնական տուեալներով, Լիբանանի  կ′ապրի մօտ 4.5 միլիոն մարդ, մինչ  պատերազմին  պատճառով Սուրիայէն  Լիբանան  տեղափոխուած են 1.3 միլիոն  գրանցուած սուրիացի փախստականներ: Ըստ ՄԱԿ-ի  փախստականներու վերջին  վիճակագրութեան, փախստականներուն 70 տոկոսը ծայրայեղ աղքատութեան մէջ՝  օրական 3.84 ԱՄՆ տոլար միջին գումարով:

Պըպնինի քաղաքապետարանի պաշտօնեաներէն մէկը, որ չէ ուզած  իր  անունը յիշել,  կայանին  հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «ՄԱԿ-ի փախստականներու գերագոյն յանձնակատարը, մինչեւ այս պահը, չէ ընդառաջած այլընտրանք գտնելու այս փախստականներուն (350 ընտանիք), ուստի անոնք պիտի հարկադրուին տարհանուիլ ու  գաղթել,  դէպի անյայտ վայրեր: Իր կարգին քաղաքացիական «Շտապ օգնութեան ընկերակցութեան» պաշտօնեայ Զիատ Ապու Սալէհ յայտնած է.  «Այսօր, Աքքարի մէջ կան աւելի քան 300 հազար գաղթականներ, որոնց մեծամասնութիւնը բաժնուած  է որոշ շրջաններու մէջ եւ կ′ապրի ընկերային շատ ծանր  պայմաններու մէջ ու  հազիւ կը գտնէ իրենց հացն ու ջուրը…: Օգնութիւնները օրէ օր կը նուազին, ինչպէս նաեւ՝ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու թիւը, որոնք կը հիւրընկալէին գաղթականները: Բոլորը կ′ուրանան զանոնք, նոյնիսկ հիւրընկալող միջավայրը պատրաստ չէ անոնց բեռը կրելու»-ըսած է ան,  աւելցնելով, որ վերակարգաւորման նշանաբանին տակ այս մարդիկը իսկական ողբերգութեան առջեւ յայտնուած են: Անոնց   օգնելու փորձեր կան լիբանանեան պետութեան հովանաւորութեամբ, որովհետեւ գաղթակայաններու հողատէրերը վարձավճարներ եւ հողերու ազատում պահանջած են: Գաղթակայաններու բնակիչները  շատ բարդ դրութեան   առջեւ են եւ կը դժուարանան իրենց ընտանիքներուն աշխատանք ապահովել»:

Ապահովական հաւաստի աղբիւրներ  նոյն աղբիւրին ըսած  են, որ ՄԱԿ-ը կը պարտադրէ լիբանանեան կառավարութեան գաղթակայաններու կարգաւորումը: Ինչպէս նաեւ ապահովական փաստարկը պատրուակ դարձած է գաղթականներու կարգաւորման հարցին, վախնալով ապահովական իրավիճակի պայթիւնէն»:

Աղբիւրները բացայայտած են. «Սուրիացի փախստականներուն գաղթակայաններ հաստատելը տագնապներ կը յառաջացնէ իրենց եւ շրջապատին միջեւ: 1400 գաղթակայաններ տարածուած են լիբանանեան շրջաններու մէջ, որ կ′ընգրկէ փախստականներու 18 տոկոսը: Այս մէկը  երկրի մարմինները  վտանգաւոր կը նկատէ, ուստի օրական յարձակումներ կը բանեցնէ այդ գաղթակայաններուն վրայ, ծայրայեղականներու ներկայութեան մտահոգութեամբ: Գաղթակայաններու վերակարգաւորումը հարցին ամենալաւ լուծումն է: Այս է Աքքարի եւ անոր գաղթակայաններուն մէջ պատահածը: Այս միջոցառումները սկսած են մօտաւորապէս տարի մը առաջ, Սուրիոյ մէջ կռուող Ալ Նուսրա ճակատի կողմէ, Արսէլ աւանէն լիբանանցի զինուորականներու առեւանգման հետեւանքով:

Առեւանգումը տեղի ունեցաւ օգոստոս, 2014-ին, լիբանանեան բանակին եւ Սուրիայէն ժամանած ու գաղթակայաններուն  մէջ    յայտնուած  ահաբեկիչ զինեալներու  միջեւ եղած   ծանր   մարտերէ   ետք:

Լիբանանեան իշխանութիւններու այս քայլը որոշակիօրէն ցաւ պատճառած է Ռիհանիէ գաղթակայանի բնակիչներուն: Սուրիացի փախստականներ յայտնած են իրենց մտահոգութիւնը՝ իրենց ընտանիքներու ճակատագրին նկատմամբ:

Մուսա Ալ Հաժ Հասան (71 տարեկան) սուրիական Հոմս քաղաքի Ալ Քուսէյր աւանէն է ըսած է, թէ  գաղթակայանը պարպելը չարդարացուիր: Երանի մեզ ծովը նետեն: «Ո՞ւր պիտի երթանք»:

Իր կարգին՝  սուրիական «Ալ Քուսայր» աւանի  բնակիչներէն գաղթական ՝ Ապտօ Քանժ Շարուֆ (30 տարեկան), ըսած է. «Սուրիա վերադարձը մահ կը նշանակէ եւ հիմա ալ  Լիբանան՝ գաղթակայաններու մէջ ապրիլը կ′արգիլուի: Ո՞ւր պիտի երթանք»:

Մինչ սուրիական Հալէպ քաղաքէն հասած Պատիաա Համտօ կոչ ուղղած է լիբանանեան իշխանութիւններուն՝ Գութ եւ կարեկցանք ցուցաբերել երեխաներուն հանդէպ: Ան ցաւով աւելցուցած է. «Երանի մեր երեխաները քիմիական զէնքով մահացած ըլլային Սուրիոյ մէջ: Այդ ճակատագիրը աւելի պատուաբեր էր այն նուաստացումներէն եւ անարգանքներէն, որոնց կ′ենթարկուինք: Ինչո՞ւ այս միջազգային լռութիւնը»:

Իսկ Հոմսէն գաղթած Սամիա Մահմուտ ըսած է. «Փողոցներուն մէջ եւ ամէն տեղ նուաստացումներու եւ հետապնդումներու կ′ենթարկուինք այս կամ այն պատրուակով: Այ՞ս է մարդկութիւնը: Բոլորը գիտեն մեր ողբերգութիւնը: Ո՛չ ուտելիք, ո՛չ ըմպելիք, այսօր ալ՝ տարհանում»: