Աւստրիոյ կեդրոնական դրամատան նախագահ եւ Եւրոպայի կեդրոնական դրամատան կառավարման խորհրդի անդամ Էվալտ Նովոթնին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ մեծ մասշտաբի աղքատութիւն կայ, ինչը կը խոչընդոտէ այս երկրի եւրաընդելուզումը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Yeni Şafak» թերթը, աւելցնելով, որ Նովոթնին մասնաւորապէս նշած է, որ այս գործընթացին մէջ Թուրքիոյ կը խոչընդոտեն ոչ այնքան ժողովրդավարական չափանիշներուն անհամապատասխանութիւնը, որքան տնտեսական ոլորտի մէջ առկայ կառուցուածքային խնդիրները:
«Երբ տնտեսութեան մը մէջ չափազանց անհաւասարութիւն կայ, այդ տնտեսական կառոյցը չի կրնար գոյատեւել: Այդ իրավիճակը գաղթի պատճառ կրնայ դառնալ: Եւրոմիութեան անդամ դառնալ ուզող երկիրը որքան մեծ է, այդքան մեծ են անոր խնդրները: Թուրքիան այս իմաստով ծայրայեղ օրինակ է: Ի վերջոյ, կառուցուածքային խնդիրներու պատճառով եւրաընդելուզումը երկար ժամանակ իրատեսական չէ եղած»,-ըսած է Աւստրիոյ կենդոնական դրամատան նախագահը:
Յիշեցնենք, որ Աւստրիոյ վարչապետ Քրիսթիան Քերն օրեր առաջ յայտարարած էր, որ անհրաժեշտ է դադարեցնել Թուրքիա-Եւրամիութիւն անդամակցութեան բանակցութիւնները:
Նշենք նաեւ, որ եթէ Թուրքիան Եւրամիութեան անդամ դառնայ, ան բնակչութեան թիւով պիտի ըլլայ Եւրոմիութեան երկրորդ ամենամեծ երկիրը՝ Գերմանիայէն ետք: