Լրատուական աղբիւրներ յայտարարեցին, որ այսօր յայտնաբերուած է Յունաստանի մօտ Ռուսիոյ հիւպատոսին դին: Իր կարգին Russia T.V. կայանը յայտնեց, որ տեղեկութիւնը ճշդուած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան կողմէ եւ Աթէնքի մօտ Ռուսիոյ հիւպատոս Անտրէյ Մալանին մահացած գտնուած է իր բնակարանէն ներս: Նշենք, որ ռուս դիւանագէտը 55 տարեկան էր: