Իրանեան յեղափոխական պահակազօրի ցամաքային ուժերու հրամանատար Համիտ Մուհպի յայտնած է, որ Իրանի նախկին նախագահ Ահմատի Նաճատ դէմ էր Ասատի վարչակարգը փրկելու համար Իրանի միջամտութեան:
«Աֆթապ Նիուզ» լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին Մուհպի նշած է, որ երբ Սուրիոյ մէջ պատերազմ բռնկեցաւ, մեծ թիւով իրանցիներ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելով հասած են մինչեւ Դամասկոսի մուտքը, որմէ ետք իրանցի ղեկավարներ ետ կանգնած են Ասատին աջակցելու գաղափարէն: Իր հերթին Ահմատի Նեճատ կը պնդէր, որ րան պէտք չէ համակրի Սուրիոյ վարչակարգին եւ պէտք է համարէ, որ Ասատի ժամանակաշրջանն անցած է:
Հրամանատարը բացայայտած է նաեւ, որ Ասատի նախագահական աթոռին մնալուն շուրջ Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քանի մը տարի շարունակ անհամաձայնութիւն տեղի ունեցած է, որովհետեւ Իրան կը պնդէր, որ պէտք է աջակցիլ Ասատին, մինչդեռ Ռուսիա համոզուած էր, որ պէտք է աջակցիլ Ասատի վարչակազմին գաղափարակից կառավարութեան մը, ուր Ասատ իշխանութեան գլուխ չէ:
Մուհպի շեշտած է այն հանգամանքը, որ Սուրիոյ պատերզմի բռնկումէն 4 տարի անց միայն Ռուսիա համոզուեցաւ Իրանի տեսակէտով, եւ որոշեց օդային, այնուհետեւ ցամաքային ուժերով մուտք գործել Սուրիա:
Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը կը բարձրաձայնէ նախորդ նախագահ Նաճատին մերժողական կեցուածքին մասին Ասատին աջակցելու գաղափարին: