image

Ասատ սպառնալիքները գործադրելու հանգրուանը թեւակոխեց. Haaretz

Ասատ սպառնալիքները գործադրելու հանգրուանը թեւակոխեց. Haaretz

Իսրայէլեան Haaretz թերթը զգուշացուցած է Սուրիոյ մէջ իրավիճակի վատթարացումէն, եթէ պարզուի, թէ իսրայէլեան վերջին օդային հարուածներուն հետեւանքով իրանցի զինուորականներ կամ խորհրդականներ զոհուած են:

Թերթը յիշել տուած է, որ սուրիական բանակի կողմէ ոչնչացուած «F16» կործանիչի խորտակման դէպքը երեք տասնամեակներէ ի վեր առաջինն էր, միաժամանակ նշելով, որ թէեւ անցնող ամիսներու ընթացքին իսրայէլեան օդուժը Սուրիոյ մէջ ռազմակայաններ թիրախաւորած է, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ իրանեան էին, սակայն վերջին դէպքը աննախադէպ էր այն առումով, որ առաջին անգամ ըլլալով իսրայէլեան բանակը մարդուժ պարունակող իրանեան ռազմակէտ կը թիրախաւորէ:

Թերթը նշած է նաեւ, որ անցնող ամիսներու ընթացքին Ասատ բազմիցս սպառնացած է իսրայէլեան ուժերու կողմէ յարձակումներ իրագործելու հետեւանքներէն, իսկ վերջին դէպքերը ցոյց կու տան, թէ Ասատ սպառնալիքները գործադրելու հանգրուանին հասած է: