Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Դամասկոսի մէջ հանդիպած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:ِ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Russia Today»ը, նշելով, որ Ասատ-Շոյկու հանդիպման քննարկուած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութեան հարցեր:
Շոյկու իր այցելութեան ընթացքին նաեւ քննած էր Լաթաքիոյ Հումայմիմ ռազմակայանին մէջ տեղակայուած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը: