image

Ասատ կը ղեկավարէ հզօրագոյն ռազմական ուժը. Washington Post

Ասատ կը ղեկավարէ հզօրագոյն ռազմական ուժը. Washington Post

Ամերիկեան Washington Post թերթը, վկայակոչելով ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկուն յայտարարութիւնը, յայտնած է, թէ Սուրիոյ նախագահ Ասատ պաշտպանուողի դիրքէն անցում կատարեց հզօրացման հանգրուան, եւ ան ներկայիս տարածաշրջանի հզօրագոյն ռազմական ուժի ղեկավարն է, հետեւաբար ԱՄՆ-ի համար դժուար պիտի ըլլայ պայքարիլ անոր դէմ կամ ակնկալեն, որ կրնայ գահընկէց ընել զինք:

Աղբիւրը նշած է, որ ներկայիս Ասատի հրամանատարութեան ներքոյ կը պայքարին 60 կործանիչ, 130 հազար սուրիացի սպայ եւ զինուորական, 30 հազար իրանցի զինուորական եւ 25 հազար «Հըզպալլա»ի զինեալ, եւ անոնք բոլորն ալ բարձր մարտունակութիւն ունին: Ասատի հրամանատարութեան ներքոյ պայքար կը մղէ նաեւ 40 հազար իրաքցի զինուոր, իսկ ռուսական կողմի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը թոյլ կու տայ Ասատին որեւէ պահու դիմել վերջինիս աջակցութեան: