Անցնող դեկտեմբերին Իզմիրի մօտ փրկուած Արինա մտադիր է յառաջիկայ մայիսին Հայաստան գալ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Արինայի ազգականներէն: Մեր տուելաներով Արինա ներկայիս կը բնակի Գերմանիա հաստատուած իր մօրաքրոջ մօտ ՝ Միւնիխ քաղաքին մէջ: 19-ամեայ հայուհին ծրագիր ունի յառաջիկային գերմաներէն լեզուն սորվելէ ետք համալսարան ընդունուիլ: Յիշեցնենք, որ Արինայի ընտանիքը թրքական ջուրերէն յունական եզերք տանող լաստանաւը ընկղմած էր եւ պատճառ դարձած, որ անոր վրայ եղողները անյետանան: Անոնց շարքին էին նաեւ Արինայի մայրը, մեծ մայրը հայրն ու տասը տարեկան եղբայրը՝ Վահան: Քանի մը օր ետք ապահովական մարմիններ յայտնաբերած էին դիակներ, որոնց մէջ էր Արինայի հօր ՝ Յովհաննէս Թէքէեանի դին: Պոլսոյ Պատրիարքական ընդհանուր տեղապահ ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կարգադրութեամբ հանգուցեալի յուղակաւորութիւնն ու թաղումըը կը կատարուէին Իզմիրի մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը կ'ամփոփուէր Իզմիրի հայ Կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ: Հակառակ կլիմայական ծանր պայմաններուն՝ Արինա երկար հատուած մը լողալէ ետք յաջողած էր հասնիլ Իզմիրի ափ: Նշենք, որ Արինա Երեւան պիտի գայ միանալու իր քրոջ՝ Սէրլիին:
(Լուսանկարին մէջ Սէրլի եւ Արինա Թէքէեան քոյրեր):