image

Արեւելքի քրիստոնեաներուն ապաստան տալը՝ «Ֆրանսայի պատիւն է».Ֆրանսայի վարչապետ

Արեւելքի քրիստոնեաներուն ապաստան տալը՝  «Ֆրանսայի պատիւն է».Ֆրանսայի  վարչապետ

Ֆրանսայի վարչապետարանը՝ Մաթինեոն Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21-ին Ս. Ծննդեան առթիւ յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպած է ի պատիւ Միջին Արեւելքէն Ֆրանսա ապաստանած քրիստոնեաներուն: Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ ընդհանրապէս «բոլոր հալածեալներուն» որոնք ընդունելի են որպէս այդ՝ ապաստան տալը «Ֆրանսայի պատիւն է», ըսած է վարչապետ Գազնէօվ այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ:

«Ֆրանսայի պատիւն է պաշտպանել բոլոր անոնք որոնք հալածուած են եւ Ֆրանսա ապաստանելու պայմաննները կը լրացնեն», ըսած է վարչապետը գաղթականներու բազմաթիւ երախաներու, քրիստոնեայ կղերականներու, ինչպէս նաեւ կրօնական այլ դաւանանքներու եւ ասորի-քաղդէական համայնքի ներկայացուցիչներուն առջեւ:

«Ձեզի եւ ձերիններուն համար՝ այս երկիրը ձեր հայրենիքն է։ Եւ այս կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ ձեր պաշտպանութեան համար», ըսած է Գազնէօվ դիմելով սուրիացի երիտասարդուհիի մը, որուն ծնողները սպաննուած են Տահէշ-ի կողմէ:

Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ Եզիտիներու ենթարկուած հալածանքներուն, ըսելով՝ «Արդար ոչ մէկ խաղաղութիւն կարելի է տարածաշրջանին մէջ՝ այնքան ատեն, որ անոնց հոն կեցութեան իրաւունքը կատարելապէս եւ վերջնապէս չհաստատուի»։

Այնուհետեւ, ընկերակցութեամբ Ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Լը Ռուի, վարչապետ Գազնէօվ նուէրներ բաժնած է երախաներուն: