image

«Անոնք արդէն բռնապետական դարձան». Ահմատ Տաւութօղլու կամ Դէպի ուր կրնայ հասնիլ Տաւութօղլու- էրտողան համակամարտութիւնը

«Անոնք արդէն բռնապետական դարձան». Ահմատ Տաւութօղլու կամ Դէպի ուր կրնայ հասնիլ Տաւութօղլու- էրտողան  համակամարտութիւնը

«Անոնք չպատասխանեցին հարցերուս, նաեւ չկրցան ընդունիլ որ ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ, հետեւաբար վտարեցին զիս կուսակցութենէն:» Այսպիսի խօսքերով հանդէս եկաւ  Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, «Ապագայ» կուսակցութեան նախագահ՝ Ահմէտ Տաւութօղլուն, «Ապագայ» կուսակցութեան համագումարի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ կուսակցապետի ծննդավայրին՝ Քունիա նահանգին մէջ: Ան շարունակեց ըսելով «Մեր պատմութեան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, կուսակցութեան ղեկավար մը ուղարկուեցաւ կարգապահական յանձնաժողով պաշտօնանկ ընելու պահանջով, պարզապէս որովհետեւ ան ըսաւ ճշմարտութիւնը եւ կոչ ուղղեց  նոր երկիր մը կառուցելու»:

Տաւութօղլուն իր քննադատութիւնները ուղղելով Էրտողանի ու իշխանական «Արդարութիւնն ու զարգացումը»  կուսակցութեան, մատնանշեց, թէ անոնք  վրէժխնդիր են իր հանդէպ, որովհետեւ ինք ճշմարտութիւնը երեւան հանած է:

Իսկ այն տարաձայնութեան, թէ Տաւութօղլուն լքած է երկիրը, ան պատասխանեց « Նախապէս ըսած եմ եւ կրկին կ'ըսեմ, ես չեմ հրաժարած երկրէս, այլ հրաժարած եմ անոնցէ, որոնք հրաժարած են երկրիս դատէն, որոնք ստեղծած են հարուստները ու պաշտօններու գլուխ նշանակած իրենց ազգականները»:

Իսկ ինչ կը վերաբերի իշխող կուսակցութեան ու անոր դաշնակից «Ազգային շարժում» կուսակցութեան որդեգրած բացառման քաղաքականութեան Տաւութօղլու ըսաւ.- «Երբ անոնք ստացան ընտրողներու 50 տոկոս առաւել մէկ քուէները, դարձան բռնապետական հասկացողութեան ներկայացուցիչները ժողովուրդի մնացեալ 49 տոկոսին, դաւաճան համարելով բոլոր անոնց, որոնք իրենցմէ տարբեր կը մտածեն»:

Յիշեցնենք, որ Տաւութօղլու իր կուսակցութիւնը հիմնած է ամիսներ առաջ, եւ քննադատելով իր նախկին դաշնակիցը կ'ակնկալէ իր շուրջ հաւաքել իշխանական կուսակցութեան անդամները:

Այս առումով, անցեալ շաբաթ օր, իշխանական կուսակցութենէն հրաժարած են 15 անդամներ, կարգ մը հարցերու շուրջ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան  հետ տարրակարծիք ըլլալու պատճառաւ: Եւ այդ հրաժարողներէն մէկն է՝ Ամինա Ճոքթաշ: Ան Մարտին նահանգի Քիզիլ Դեպահ շրջանի մասնաճիւղի «Արդարութիւնն ու զարգացումը» կուսակցութեան  կանանց  խորհուրդի քարտուղարութեան ատենապետուհին է: Իր հետ հրաժարելով նաեւ 14  անդամ այդ քարտուղարութենէն, անոնք յայտարարեցին իրենց անդամակցութիւնը «Ապագայ» կուսակցութեան:

Ընդդիմադիրներու յաճախակի սուր քննադատութիւնները նախագահի ու իշխանական կուսակցութեան վարած բռնատիրական կիրարումներու հասցէին՝ ինչպէս համացանցային ազատ խօսքի սահմնափակումները կամ սենտիքաներու առընչութեամբ վերջին նոր որոշումը,   սկսած են  յանգեցնել  Էրտողանի ու իր կուսակցութեան ժողովրդականութեան անկումին:  

 

 Լուրը՝  «Ալ Արապիա» էն