Հայ գերիները Նիսի պատուոյ քաղաքացի կը դառնան
Նիսի քաղաքապետ Էրիք Սիոթի կոչ ըրաւ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի կերպով պահուող 20 հայ գերիները։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց քաղաքապետական խորհուրդի ժողովէն ետք, որուն ընթացքին խորհուրդը որոշեց քաղաքին պատուոյ քաղաքացիներ դարձնել գերիները։
Որոշումին համաձայն՝ գերիներէն իւրաքանչիւրին խորհրդանշական կնքահայր կամ կնքամայր դարձած է քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն մէկը։
«Քսան հայեր, որոնք դատապարտուած են շինծու մեղադրանքներով, տակաւին կը պահուին Պաքուի բանտերուն մէջ։ Ատրպէյճանական վարչակարգը կը ձգտի ջնջել զանոնք մեր յիշողութենէն, բայց մենք Նիսի հայ համայնքի հետ կը պահանջենք անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը», գրած է Սիոթի Facebook-ի իր էջին վրայ։
Հայ գերիներուն հետ համերաշխութեան իբրեւ նշան՝ Նիսի քաղաքապետարանին մուտքին ցուցադրուած են 20 հայ գերիներու դիմանկարները՝ զարդարուած հայկական դրօշակի գոյներու ժապաւէններով։
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մարինա Պետրոսեան, որ մասնակցած էր քուէարկութեան, յայտնած է, թէ ինքը դարձած է Ռուբէն Վարդանեանի խորհրդանշական կնքամայրը, ընդգծելով, որ այս որոշումը կարեւոր բարոյական աջակցութիւն է գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ խորհրդանշական այս քայլը կը վերածուի իրաւական գործողութիւններու։
Քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ներկայ եղած է նաեւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան՝ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անգինէ Կիրակոսեանի նախաձեռնութեամբ։ Պետրոսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետ Սիոթիին եւ նախաձեռնութեանը աջակցած քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն։
Նշենք, որ ցարդ յայտնի չէ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներուն ստոյգ թիւը։ Փորձագէտներու գնահատմամբ՝ անոնց թիւը քանի մը հարիւր է, մինչ Պաքու կը պնդէ, թէ իր մօտ կը պահուին 19 հայեր։
Գերութեան մէջ պահուողներուն մէջ կան Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան 8 նախկին եւ գործող ներկայացուցիչներ՝ Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, խորհրդարանի խօսնակ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօր․ Լեւոն Մնացականեան, զօր․ Դաւիթ Մանուկեան եւ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան։
Պաքուի խամաճիկային դատարանը շինծու մեղադրանքներով Փետրուարին Արայիկ Յարութիւնեանը, Դաւիթ Բաբայեաննը, Դաւիթ Իշխանեանը, Դաւիթ Մանուկեանը, Լեւոն Մնացականեանը դատապարտեց ցմահ բանտարկութեան, իսկ Բակօ Սահակեանը, Արկադի Ղուկասեանը եւ Ռուբէն Վարդանեանը՝ 20 տարուան բանտարկութեան։ Մնացեալ արցախցիները դատապարտուած են մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան։
