image

Էտուըրտ եւ Փամելա Աւետիսեաններ եւ Սեւ Օհանեան պիտի մեծարուին COAF-ի 23րդ տարեկան ձեռնարկին ընթացքին

Էտուըրտ եւ Փամելա Աւետիսեաններ եւ Սեւ Օհանեան պիտի մեծարուին COAF-ի 23րդ տարեկան ձեռնարկին ընթացքին

Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամը (Children of Armenia Fund, COAF) Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12ին, Նիւ Եորքի Cipriani 25 Broadway սրահին մէջ պիտի իրականացնէ իր 23րդ տարեկան ձեռնարկը՝ «Պատուել Ժառանգութիւնը։ Ապագան Կառուցել» խորագիրով։

Սփիւռքի տարբեր համայնքներէ բարերարներ, համայնքային առաջնորդներ եւ համակիրներ մէկտեղելով՝ երեկոն պիտի նուիրուի հայկական ժառանգութեան տօնակատարութեան, ականաւոր անհատներու մեծարման եւ հանգանակութեան՝ Հայաստանի գիւղական համայնքներու մանուկներուն եւ ընտանիքներուն համար նոր առիթներ ստեղծելու նպատակով։

Հիմնուելով աւելի քան 8 միլիոն տոլար հանգանակած անցեալ տարուան ձեռնարկին արձանագրած յաջողութեան վրայ, այս տարուան ձեռնարկը պիտի ընդգծէ COAF-ի ընդլայնուող գործունէութեան ազդեցութիւնը եւ ապագայի յաւակնոտ տեսլականը։ Այդ ծրագիրներուն մաս կը կազմեն Արմաւիրի մէջ COAF-ի երկրորդ SMART կեդրոնի կառուցումը, ինչպէս նաեւ  Սիւնիքի մէջ յաւելեալ կեդրոններ հիմնելու ծրագիրները։

Այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին բացառիկ անհատներ, որոնք յատկանշական ներդրումներ ունեցած են բարեսիրութեան, մշակոյթի եւ հայկական համայնքին կեանքին մէջ։

Փամելա Աւետիսեան եւ իր հանգուցեալ ամուսինը՝ Էտուըրտ, պիտի արժանանան COAF-ի «Սերունդ մը Զօրացնող» մրցանակին՝ Հայաստանի մանուկներուն համար նոր առիթներ ստեղծելու գործին մէջ իրենց բացառիկ առատաձեռնութեան եւ երկարամեայ նուիրումին համար։

Հանդիսանալով COAF-ի առաջին եւ ամենանուիրեալ զօրակցողներէն՝ Աւետիսեան ամոլը նպաստած է այն փոխակերպիչ նախաձեռնութիւններու ամրապնդման, որոնք գիւղական համայնքներու երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն կը տրամադրեն կրթութեան, անհրաժեշտ ծառայութիւններու եւ աւելի լուսաւոր ապագայի տանող ուղիներու հասանելիութիւն։

Նաեւ, Սեւ Օհանեան՝ «Օսքար»ի եւ «Կոլտըն Կլոպ»ի մրցանակակիր արտադրիչն ու բեմագիրը, պիտի ստանայ COAF-ի «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակը՝ ֆիլմարուեստի ոլորտին մէջ իր յատկանշական իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ հայկական ինքնութիւնը արժեւորելու իր յանձնառութեան համար։

Հանրութեան եւ քննադատներու բարձր գնահատանքին արժանացած Sinners, Judas and the Black Messiah եւ Creed III ժապաւէններուն վրայ իր աշխատանքով ճանչցուած Օհանեան դարձած է ժամանակակից ֆիլմարուեստի ազդեցիկ դէմքերէն մէկը՝ միաժամանակ խորապէս կառչած մնալով իր հայկական ժառանգութեան։

«Մեր տարեկան ձեռնարկը մեզի պիտի յիշեցնէ, թէ ի՛նչ կրնանք իրագործել, երբ հայ համայնքը կը համախմբուի ընդհանուր տեսլականի մը շուրջ», կ՛ըսէ COAF-ի հիմնադիր  նախագահ տոքթ. Կարօ Արմէն, աւելցնելով․ «Մինչ կը պատուենք այն անհատները, որոնց նուաճումներն ու առատաձեռնութիւնը կը ներշնչեն մեզ, միաժամանակ մեր հայեացքը կը դարձնենք դէպի ապագայ՝ Հայաստանի աւելի մեծ թիւով գիւղական համայնքներու մանուկներուն եւ ընտանիքներուն համար փոխակերպիչ առիթներ ստեղծելով։ Մեր համայնքի շարունակական աջակցութիւնն է, որ այս տեսլականը իրականութիւն կը դարձնէ»։

Ձեռնարկին ընթացքին պիտի ներկայացուին պատմութիւններ այն երիտասարդներուն մասին, որոնց կեանքը փոխուած է COAF-ի ծրագիրներուն շնորհիւ։ Երեկոն պիտի ներառէ նաեւ Հայաստանի շնորհալի երիտասարդ արուեստագէտներու երաժշտական ելոյթներ եւ յատուկ հիւրերու մասնակցութիւն՝ տօնելու Հայաստանի եւ աշխարհատարած Սփիւռքի միջեւ գոյատեւող ամուր կապը։

Երեկոյին հաղորդավարները պիտի ըլլան «Էմի»ի մրցանակակիր, Good Day LA-ի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան եւ COAF-ի զարգացման բաժնի փոխնախագահ Հայկ Պոյաճեան։

2003էն ի վեր, COAF կ՛ամրապնդէ Հայաստանի գիւղական համայնքները՝ կրթութեան, առողջապահութեան, մանուկներու եւ ընտանիքներու ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ տնտեսական զարգացման նախաձեռնութիւններու միջոցով։ Այս առաքելութեան կեդրոնական բաղադրիչն է COAF SMART կեդրոններու նորարարական ծրագիրը, որ մանուկներուն եւ երիտասարդներուն կ՛ընձեռէ մասնակցելու կարելիութիւնը անվճար, բարձրորակ կրթական ծրագիրներու, որոնք յաճախ հասանելի չեն գիւղական համայնքներուն։

2018ին հիմնուած COAF-ի առաջին SMART կեդրոնը՝ Լոռիի մէջ, ամէն շաբաթ կը սպասարկէ շուրջ 2000 աշակերտներու, 19 ծրագիրներով, ներառեալ՝ արհեստագիտութիւն, լեզուներ, արուեստ, գիտութիւն եւ մարզանք։ Լոռիի կեդրոնի յաջողութեան վրայ հիմնուելով՝ COAF առաջ կը տանի Արմաւիրի մէջ իր երկրորդ SMART կեդրոնի կառուցման աշխատանքները։ Անոր բացումը նախատեսուած է 2028ին։

Ձեռնարկին տոմսերու, հովանաւորութեան կարելիութիւններու կամ COAF-ի առաքելութեան աջակցելու նպատակով նուիրատուութիւն կատարելու համար այցելել՝ COAF-ի կայքէջը։