image

Մարդուժի սո՞վ, թէ՞ «Արտաշ»ներու մենաշնորհը

Մարդուժի սո՞վ, թէ՞ «Արտաշ»ներու մենաշնորհը

Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝ 

Ձուկի ճաշարանէն դուրս կու գամ, ինը հոգինոց սեղանին գինը վճարած։ 

Աջիս՝ Ծովն է Միջերկրական, որուն ալիքները պահ մը կը կլանեն զիս, եւ մտածումով կ՚երթամ եւ կը վերլուծեմ արձակուրդի երկար երկու օրերու տարօրինակ իրադարձութիւնները։

Վանողական քաղաքականութի՞ւն է, այլամերժութեան արտայայտութի՞ւն է, անվստահութեան դրսեւորո՞ւմ է, ի՞նչ է չեմ գիտեր, բայց «տէ ֆաքթօ» եւ «տէ ժուրէ»՝ մարդուժի սով կայ։ Ի՞նչ է մարդուժի սովը։ Եթէ բառերը միացնելով ստուգաբանենք՝ իմաստը հասկնալու համար, դիւրին է.- մարդ, եւ սով, հասկնալի է։

Բայց եթէ ըստ էութեա՛ն քննարկում պիտի ընենք, պէտք է քիչ մը խորանանք, շատ չէ՛, քի՛չ մը։

Մարդուժի սով կայ հոն, ուր նոյն անձը, կամ նոյն անձերը, շատ յաճախ այդ նո՛յն անձերով կազմուած փակ խմբակ մը կը գործէ մէկէ աւելի տեղ՝ նոյն տեղին մէջ։ Օրինակ, եթէ խօսքը փուռի մը մասին է, նոյն անձը, սեպենք Արտաշը, կ՚աշխատի ե՛ւ իբր խմոր շաղող, ե՛ւ իբր արտաքին գնումները ընող, ե՛ւ իբր փուռը հաց թխող, ե՛ւ պատուէրները ստացող. Արտաշը բայց, չ՚ա՛շխատիր իբր հաշուապահ, այդ գործը կ՚ընէ իր կնոջ քոյրը, որ միաժամանակ գանձողն է։ 

Վաճառողն ալ Արտաշը չէ. պատուէրները ստանձնելէ ետք, այդ գործը կը վստահուի Արտաշին քրոջ։

Ասի՝ անհատական գետնի վրայ. պարզ է, կրնաք ըսել որ շատ ընտանեկան «պիզնես»ներ կան այս ոճը որդեգրող։ Բայց քիչ մը եթէ խորանանք, պիտ յայտնաբերենք որ փուռը Արտաշին ընտանիքինը չէ, այլ իրենց գիւղին սեփականութիւնը, իսկ մասնագիտականօրէն եթէ խորանանք, պիտի ընդունինք որ խմորը շաղողը, արտաքին գնումները ընողը, փուռը հաց թխողն ու յաճախորդներէն պատուէր ստացողը մէկ՝ նո՛յն անձին պէտք չէ՛ վստահուի, ո՛չ ալ գանձումը ընողին հաշուապահութիւնը վստահուի, եւայլն։ Եթէ ե՛ւս կ՚ուզենք խորանալ, պէտք է նայինք այս մենաշնորհեալ վստահութիւնը որմէ՞, ինչպէ՞ս, եւ ինչո՞ւ ստացած է Արտաշը, Արտաշին քոյրը, եւ Արտաշին կնոջ քոյրը։

Կը շարունակենք գրել այս մասին, եւ կը հասնինք այն տեսարանին, ուր միասնաբար կ՚երթանք գիւղի մշակութային տունը. չզարմանաք, Արտա՛շն է հոն տէրն ու տիրականը, անկախ ատկէ, որ մշակութային գիտութիւն կամ այսպէս ասած մշակութային մշակոյթ չունի, բայց, նո՛յն վերի Արտաշն է. հոս եւս երկար տարիներէ ի վեր տնօրէնն ու միւս պատասխանատու պաշտօնեերը կը զբաղեցնեն Արտաշինները։

Յաջորդ առտու, թաքցնելով մեր վաստակած զարմանքը, կը շարունակենք մեր այցելութիւնը եւ կը հասնինք գիւղի եկեղեցին. ինծի ընկերակցողներուն հետ գրաւի կու գամ որ պատարագիչը Արտաշը պիտի ըլլայ, հազար տոկոս վստահ ըլլալով որ այդ ալ Արտաշին չե՛ն կրնար վստահիլ, եւ պիտի յաղթեմ գրաւը՝ ձուկի ճաշարանի հրաւէրը։

Հոս կանգ պիտի առնէ պատմութիւնը. ինչպէս վերը ըսի, ձուկի ճաշարանէն դուրս կու գամ, ինը հոգինոց սեղանին հաշիւը վճարած...։ 

Մարդու սով էր հոն, բայց մենք ինչպէս միշտ, կուշտ էինք։

Յ.Գ. Ձուկի ճաշարանին անունը «Արտաշին Պապան» էր։