image

Ընդդիմադիր գործիչին դէմ 6 տարի 3 ամսուան բանտարկութեան վճիռ

Ընդդիմադիր գործիչին դէմ 6 տարի 3 ամսուան բանտարկութեան վճիռ

Մասիսի համայնքապետի թեկնածու Դաւիթ Համբարձումեանը դատապարտուած է ազատազրկման։ Վճռաբեկ դատարանը բեկանած է Վերաքննիչ քրէական դատարանի որոշումը՝ գործը նոր քննութեան ուղարկելու վերաբերեալ եւ օրինական ուժ տուած Համբարձումեանին 6 տարի 3 ամիս ժամկէտով ազատազրկման դատապարտելու դատավճռին:

«Այսօր դատապարտուեց ոչ թէ Դաւիթ Համբարձումեանը, այլ արդարադատութիւնը»,- Վճռաբեկի որոշման արձագանգած է անոր փաստաբանը:

Այս որոշումը կը նշանակէ, որ Համբարձումեանը չի կրնար մասնակցիլ դեկտեմբեր 13-ին կայանալիք ընտրութիւններուն: Անոր առաջնորդած դաշինքը Մասիսի մէջ իշխանութեան միակ մրցակիցն է: