Այսօր մեկնարկած է TRIPP ծրագիրը։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս առիթով տեսաուղերձին մէջ յայտարարած է.
«Ես շատ հպարտ եմ ասով։ Կ՚ուզեմ շնորհաւորել իմ ընկերս՝ վարչապետ Փաշինեանը, իր խիզախ առաջնորդութեան համար։ Ան ընտրեց խաղաղութեան ուղին»։
Թրամփ Նիկոլ Փաշինեանը հրաւիրած է Միացեալ Նահանգներ։
«Կ՚ուզեմ վարչապետ Փաշինեանը հրաւիրել Սպիտակ Տուն՝ յաջորդ տարի, երբ ան ժամանէ Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու Ազգային աղօթքի նախաճաշին։
Ան բացառիկ անձնաւորութիւն է եւ շատ լաւ ընկեր։ Միասին կրնանք քննարկել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է արդիւնաւէտ կերպով յառաջ մղել տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ զարգացնել մեր կապերը», նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։