Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի քննարկեն Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանին վերաբերող հարցը, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան առնչուող խնդիրներ։
Այս մասին Նոյեմբեր 27-ին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։
«Անշուշտ, պիտի անդրադառնանք մեր ռազմակայանի հարցին։ Այդ ռազմակայանը տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման շատ կարեւոր տարր է», ըսած է Փեսքով։
Անոր խօսքով՝ ռուսական կողմը հետաքրքրուած պիտի ըլլայ լսելու հայկական կողմին տեսակէտը։ Քրեմլի ներկայացուցիչը յառաջիկայ բանակցութիւններու օրակարգը բնութագրած է իբրեւ ծանրաբեռնուած։
Փեսքով անդրադարձած է նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ընդհանուր վիճակին՝ ընդգծելով անոնց ընդգրկուն բնոյթը։
«Երկկողմ յարաբերութիւնները բաւական ընդգրկուն են՝ հակառակ առկայ դժուարութիւններուն», նշած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը։
Ան աւելցուցած է, որ Փաշինեանի Ռուսիա այցելութիւնը բաւական վաղուց համաձայնեցուած էր, եւ անոր մասին արդէն յայտարարուած էր նաեւ հայկական կողմին կողմէ։ Փեսքով հաստատած է, որ ռուսական կողմը կը նախապատրաստուի այցելութեան։
Փաշինեան Նոյեմբեր 19-ին յայտնած էր, որ նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ Դեկտեմբեր 3-ին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր պիտի հանդիպի Փութինի հետ։ Վարչապետը Դեկտեմբերին կը նախատեսէ երեք անգամ այցելել Ռուսաստան՝ Դեկտեմբեր 3-ին, 11-ին եւ 22-ին։