Մօտ երեք տասնամեակ վարձու տարածքներու մէջ իր հոգեւոր ծառայութիւնը շարունակելէ ետք, Սպիտակի Հայաստանեայց Աւետարանական համայնքը այսուհետեւ պիտի ունենայ սեփական եկեղեցաշէնք։ Նորակառոյց եկեղեցւոյ հանդիսաւոր բացման եւ նաւակատիքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 22-ին՝ Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումուշաճիկեանի, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Արէն Տէյիրմենճեանի եւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հովիւ վեր. Աւետիք Խաչատրեանի ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ։
Արարողութիւնը կարեւոր հանգրուան մը հանդիսացաւ ոչ միայն Սպիտակի աւետարանական համայնքին, այլեւ երկրաշարժէն ետք վերակառուցուած այս քաղաքին հոգեւոր կեանքին համար։ «Մենք եկեղեցիներ կը կառուցենք, սակայն նախ եւ առաջ պէտք է վերականգնենք մեր հաւատքը», իր շնորհաւորական պատգամին մէջ շեշտեց Արէն Տէյիրմենճեան՝ յոյս յայտնելով, որ նորակառոյց եկեղեցին Սպիտակի բնակիչներուն համար դառնայ հոգեւոր լոյսի, յոյսի եւ օրհնութեան աղբիւր։
Նոյեմբեր 22-ին, Սպիտակի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ նորակառոյց եկեղեցաշէնքի հանդիսաւոր բացումն ու նաւակատիքի պաշտամունքը։ Տարիներ շարունակ վարձակալուած տարածքներու մէջ իր ծառայութիւնը մատուցած Սպիտակի աւետարանական համայնքը այսուհետեւ ունի սեփական, ընդարձակ եւ յարմարաւէտ եկեղեցաշէնք։
Հանդիսութիւնը սկսաւ եկեղեցաշէնքի մուտքին առջեւ կատարուած աղօթքով։ Ապա Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հովիւ վեր. Աւետիք Խաչատրեան, Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումուշաճիկեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Արէն Տէյիրմենճեան միասին կտրեցին խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը։ Ներկայ եղողները ապա մուտք գործեցին եկեղեցասրահ, ուր սկսաւ նաւակատիքի պաշտամունքը։
Տօնական ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ տարբեր համայնքներու հովիւներ՝ իրենց տիկիններով եւ պատուիրակութիւններով, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան աշխատակիցներ, Սպիտակի աւետարանական համայնքի անդամներ եւ հիւրեր։ Ներկայ էր նաեւ Սպիտակի Հայ Առաքելական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վաղարշ քահանայ Յակոբեան։
Ողջոյնի իր խօսքին մէջ վեր. Աւետիք Խաչատրեան փառք տուաւ Աստուծոյ՝ յիշեցնելով, որ ընդամէնը երկու տարի առաջ, նոյն վայրին մէջ ամայի հողատարածք մը կար, ուր տեղի ունեցած էր եկեղեցաշէնքի հիմնարկէքի պաշտամունքը։ Իսկ այսօր համայնքը առիթը ունի Աստուած փառաբանելու նորակառոյց, գեղեցիկ եւ յարմարաւէտ եկեղեցասրահի մը մէջ։
Աւագ հովիւը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան եւ «Հայաստանի համար յոյս» կազմակերպութեան, որոնք նախաձեռնած, ամբողջութեամբ ֆինանսաւորած, շինարարական աշխատանքները կազմակերպած եւ զանոնք աւարտին հասցուցած էին։ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը նաեւ ապահոված էր եկեղեցաշէնքին անհրաժեշտ կահաւորումը։ Շնորհակալական խօսք ուղղուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ ճարտարապետ Կարեն Յազըրեանին։
Վեր. Խաչատրեան միաժամանակ ընդգծեց, որ այս բոլորին մէջ ամէնէն կարեւորը Աստուծոյ փառքն է՝ խօսքին ընթացքին մէջբերելով Սաղմոս 84-ը, որ կ՚արտայայտէ Տիրոջ տան հանդէպ սէրն ու Անոր ներկայութեան մէջ գտնուելու փափաքը։
Սպիտակի մէջ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին կանոնաւոր պաշտամունքներ կը կատարէր 1997-էն ի վեր, թէեւ քաղաքին մէջ իր գործունէութիւնը աւելի կանուխ սկսած էր՝ բակային ճամբարներու եւ մանկական ծառայութիւններու միջոցաւ։ Մօտ երեք տասնամեակ համայնքը գործած էր վարձակալուած տարածքներու մէջ՝ յաճախ դիմագրաւելով բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ անհարմարութիւններ։ Հետեւաբար, սեփական եկեղեցաշէնքի բացումը նշանակալից իրադարձութիւն մըն է համայնքին կեանքին մէջ՝ ստեղծելով աւելի նպաստաւոր պայմաններ պաշտամունքներու, հոգեւոր դաստիարակութեան եւ զանազան ծառայութիւններու համար։
Պաշտամունքի փառաբանութեան բաժինը առաջնորդեց Ստեփանաւանի Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ երգչախումբը՝ Անի Հաճընեանի ղեկավարութեամբ եւ լարային քառեակի ընկերակցութեամբ։ Փոխասաց ընթերցումը առաջնորդեց պատ. Սուրէն Մակարիան, փառաբանութեան աղօթքը բարձրացուց վեր. Վարդան Ափինեան, իսկ հովուական աղօթքը առաջնորդեց վեր. Աւետիք Խաչատրեան։
Նաւակատիքի պաշտամունքին պատգամաբերը Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ Հոգեւոր խորհուրդի փոխնախագահ վեր. Արամ Պապաճանեանն էր։ Եփեսացիներուն ուղղուած նամակի 2-րդ գլխուն 11-22 համարներուն հիման վրայ ան անդրադարձաւ եկեղեցւոյ էութեան եւ առաքելութեան՝ ընդգծելով, որ եկեղեցին Քրիստոսով հաշտութեան եւ միութեան վայր մըն է, ուր կը քանդուին Աստուծոյ եւ մարդուն, ինչպէս նաեւ մարդոց միջեւ գոյութիւն ունեցող բաժանարար պատերը։
Վեր. Պապաճանեան շեշտեց, որ Քրիստոսի մէջ մարդիկ, անկախ իրենց ազգային եւ այլ տարբերութիւններէն, կը դառնան մէկ ժողովուրդ՝ Աստուծոյ ընտանիքին անդամներ։ Եկեղեցին կոչուած է ոչ միայն հաւատացեալները համախմբելու, այլեւ Աստուծոյ ձայնը լսելու, Անոր կամքին հնազանդելու, ճշմարտութիւնը համարձակօրէն հռչակելու եւ անարդարութենէ ու կարիքներէ տառապող մարդոց օգնութեան հասնելու։ Ան եկեղեցին նմանցուց ամրոցի եւ փարոսի մը՝ հոգեւոր կառոյցի մը, որ շարունակ կը զարգանայ եւ կը դառնայ Աստուծոյ բնակարանը։ Ըստ իրեն՝ եկեղեցւոյ էութիւնն ու առաքելութիւնը մարդը չէ, որ կը սահմանէ, այլ Աստուած, որ զայն կը հաստատէ եւ կը պահպանէ։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Արէն Տէյիրմենճեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ նոր եկեղեցաշէնքի բացումը պարզապէս շինարարական ծրագիրի մը աւարտը չէ, այլ նաեւ կարեւոր քայլ մը՝ ուղղուած քաղաքին հոգեւոր կեանքի վերականգնման։
Ան յիշեցուց, որ 1918-ին հիմնադրուած Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան առաքելութիւնն է Քրիստոսի սէրը, լոյսն ու պատգամը փոխանցել աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին։ Անդրադառնալով 1988-ի աւերիչ երկրաշարժին՝ Տէյիրմենճեան նշեց, որ մեծ կորուստներու եւ ցաւի կողքին, աղէտը նաեւ խթան հանդիսացաւ Հայաստանի մէջ ընկերակցութեան ծառայութիւններու ընդլայնման։
Անցնող տասնամեակներուն ընթացքին իրականացուած են հոգեւոր, կրթական, բժշկական եւ ընկերային բազմաթիւ ծրագիրներ։ Սակայն, ըստ Տէյիրմենճեանի, նիւթական կառոյցներու վերականգնումին զուգահեռ անհրաժեշտ է նաեւ մարդոց հաւատքը զօրացնել եւ հոգեւոր կեանքը վերականգնել։ Ան յոյս յայտնեց, որ նորակառոյց եկեղեցին Սպիտակի բնակիչներուն համար պիտի դառնայ հոգեւոր լոյսի, յոյսի եւ օրհնութեան աղբիւր։
Պաշտամունքին յաջորդեց նաւակատիքի արարողութիւնը, որուն առաջնորդեց Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումուշաճիկեան։ Ողջունելով ներկաները՝ ան յիշեց, որ առաջին անգամ Սպիտակ այցելած էր 1991-ին։ Տասնամեակներ ետք, վերակառուցուած քաղաքին մէջ նոր եկեղեցաշէնքի նաւակատիքի արարողութեան մասնակցիլը իր համար յատուկ յուզիչ պահ մըն էր։
Արարողութեան ընթացքին աստուածաշնչական հատուածներ ընթերցեցին վեր. Գէորգ Գասպարեան՝ Սաղմոս 122-էն, եւ վեր. Վարդան Ափինեան՝ Ա. Կորնթացիներուն 3.10-23 եւ Մատթէոսի 16.13-20 հատուածներէն։
Ապա, վեր. Կարեն Օչինեանի առաջնորդութեամբ, միասնաբար ընթերցուեցաւ Նիկիական հանգանակը, որուն յաջորդեց եկեղեցաշէնքի նուիրագործման արարողութիւնն ու աղօթքը՝ վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումուշաճիկեանի առաջնորդութեամբ։
Նուիրագործման ընթացքին ան յայտարարեց.
«Այս տարածքը այսուհետեւ զատուած է ամէն անսուրբ եւ Աստուծոյ կամքին հակառակ գործածութենէ եւ նուիրուած է Ամենակալ Աստուծոյ պաշտամունքի ծառայութեան, որ արժանի է փառքի, պատիւի, իշխանութեան եւ զօրութեան՝ յաւիտեանս յաւիտենից»։
Ներկաները ի պատասխան միասնաբար կ՚արձագանգէին. «Քեզի կը նուիրենք աղօթքի այս տունը»։
Արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ Հոգեւոր խորհուրդի նախագահ վեր. Գէորգ Գասպարեան կատարեց օրհնութեան աղօթքը։
Սպիտակի աւետարանական համայնքին համար նոր եկեղեցաշէնքի բացումը ոչ միայն երկար տարիներու սպասումի իրականացումն է, այլեւ ծառայութեան նոր հանգրուան մը։ Անիկա պիտի դառնայ վայր մը, ուր պիտի շարունակէ հնչել Աստուծոյ Խօսքը, պիտի զօրանայ հաւատքը եւ պիտի զարգանան եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ընկերային ծառայութիւնները՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի օրհնութիւն Սպիտակի բնակիչներուն։
2.jpg)

1.jpg)
.jpg)



