Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջէն վերահասու կը դառնանք, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետի տնօրինումով, Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուած է Նոր Ջուղայի պատմական թեմին համար։ Կայքը կը գրէ , թէ Սիփան Ծ. Վարդապետ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ստանձնած է զանազան պաշտօններ։ Հայր Սուրբը նաեւ ծառայած է Գանատայի թեմէն ներս, իբր Սէնթ Գէթրինզ քաղաքի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Սուրիոյ թեմէն ներս՝ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ։
Նշենք, որ Գերապսակ Հայր Սուրբ անցեալ շաբաթ ժամանած էր Նոր Ջուղա: