image

Անկախութեան 25- ամեակի ռազմական շքերթը պիտի ըլլայ նուազագոյն ծախսերով առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու մտայնութեամբ

Անկախութեան 25- ամեակի ռազմական շքերթը պիտի ըլլայ նուազագոյն ծախսերով առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու մտայնութեամբ

Անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած Հանրապետութեան հրապարակի վրայ կայանալիք ռազմական շքերթը «համեստ, բայց հետաքրքիր» պիտի ըլլայ, Tert.am-ի հետ զրոյցին նշած է Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրը: Աղբիւրի հաղորդմամբ, համեստութիւնը պամանաւորուած է նուազագոյն ծախսերով առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու մտայնութեամբ:

Շքերթին Ռուսաստանի կողմէ 200 միլիոն վարկով Հայաստանին տրամադրուած ռազմական սարքերու ցուցադրութեան մասին աղբիւրը բան չէ նշած, հետաքրքրութիւն ստեղծելու նպատակով:

Յիշեցնենք, որ վերջին ռազմական շքերթը Հայաստանի մէջ եղած էր Անկախութեան 20-ամեակի միջոցառումներուն: