Քիչ առաջ Անգարայի մէջ որոտացած պայթումը տեղի ունեցած է քաղաքի կեդրոնը գտնուող «Քըզըլայ» հրապարակին վրայ: CNN Turk Կը հաղորդէ, որ մինչեւ այս պահը հիւանդատառ կառքեր դէպքի վայրէն վիրաւորներ կը փոխադրեն, մինչ ոստիկանութիւնը փակած է քաղաքի գլխաւոր փողոցները: Թրքական աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ պայթումին հետեւանքով ինկած են տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորեալներ: Յիշեցնենք, որ անցեալ Փետրուարին պայթում մը եւս գրացուած էր Անգարայի զինուորական մէկ կայանին մէջ, որուն հետեւանքով սպաննուած էին 29 զինուորներ: