image

Անգարա «սաստեց» իր մօտ գործող Գերմանիոյ դեսպանը

Անգարա «սաստեց» իր մօտ գործող Գերմանիոյ դեսպանը

Չորեքշաբթի օր, թուրքիոյ իշխանութիւնները իրենց մօտ կանչած են Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպան՝ Մարթին Արտմանին, բողոքելու համար՝ գերմանական Քոլոնիա օդակայանին մէջ, Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան երեսփոխան Այշէ Նուր Պէհճաքապիլիի նկատմամբ ցուցաբերուած «վատ վերաբերմունքին»: Այս մասին կը հաղորդէ AFP գործակալութիւնը, աւելցնելով, թէ իշխող «Արդարութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան» երեսփոխանը՝ ժամուան մը համար ձերբակալուած է, անձնագրին հետ կապուած խնդրի մը պատճառով, եւ  գաղտնաբար Գերմանիա մտնել փորձողներու շարքին կանգնեցուած է:

Յայտնենք, որ Էրտողան, ի պատասխան միջադէպին, մեղադրանք յառաջացուցած է  Գերմանիոյ դէմ, Թուրքիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Եւրամիութեան կողմէ ահաբեկչական  նկատուող  PKK-ի անդամները իր մօտ ընդունելուն վերաբերեալ: