image

ԱՄՆ զրահապատ մեքենաներ ուղարկած է Սուրիոյ քրտական ուժերուն

ԱՄՆ զրահապատ մեքենաներ ուղարկած է Սուրիոյ  քրտական ուժերուն

«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս ԱՄՆ զրահապատ մեքենաներ ուղարկած է «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր» (SDG) անունով քրտական խմբաւորման:
Ըստ «Doğan» լրատուական գործակալութեան` այս լուրը հաստատուած է  Սուրիոյ քրտական  «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» (PYD) ռազմական թեւ հանդիսացող` «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժեր»ու կողմէ:

Կը նշուի, որ այս  որոշումը կայացուած էր ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարման ժամանակ:

Բարձրակարգ զրահով պատուած մեքենաները ունին ինքնաշէն պայթուցիկներուն դիմակայելու հնարաւորութիւն: Մարտական գօտիներու վրայ զինուորականներու եւ իրաւապահ մարմիններու կողմէ օգտագործուելիք մեքենաները կրնան տեղափոխել մինչեւ10 զինուոր:

 Աղբիւրի տեղեկութիւններով մեքենաները արտադրուած են Գանատայի մէջ: