image

ԱՄՆ կրկին զգուշացուցած է Թուրքիա գտնուող իր քաղաքացիներուն

ԱՄՆ կրկին զգուշացուցած  է Թուրքիա գտնուող իր քաղաքացիներուն

ԱՄՆ-ի պետքարտուղարութիւնը դարձեալ զգուշացուցած է իր քաղաքացիներուն զերծ մնալ Թուրքիա ճամբորդելէ, իսկ արդէն հոն եղողներուն` ըլլալ շատ զգոյշ:
Յայտարարութեան պատճառը 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք յայտարարուած եռամսեայ արտակարգ դրութիւնն ու Պոլսոյ, Անգարայի եւ Ղազիանթէպի մէջ տեղի ունեցած ահաբակչութիւններն են: Այս մասին կը հաղորդէ 
«Sondakika.com» լրատուական կայքը, նշելով, որ ԱՄՆ պետքարտուղարութիւնը վտանգաւոր որակած է յատկապէս Թուրքիոյ արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան նահանգները:

Ամերիկացի զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ կը տրուի ներկայ չգտնուիլ մեծ մարզական միջոցառումներուն, չայցելել թատրոններ, բաց շուկաներ, եւ ընդհանրապէս զերծ մնալ մարդաշատ վայրեր գտնուելէ:

Պետքարտուղարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ փոխհատուցելու Թուրքիոյ մէջ աշխատող իր դիւանագէտներու հարազատներու օդանաւի տոմսերու ծախսերը, եթէ անոնք մինչեւ 23 սեպտեմբեր Թուրքիայէն ԱՄՆ մեկնիլ ուզեն: