Նախագահ Տոնըլտ Թրամբ պաշտօնազուրկ ըրած է արդարադատութեան նախարար Սալի Եէյթցը, երբ վերջինս հրաժարած էր կիրառել անոր որոշումը՝ 7 իսլամական երկիրներու քաղաքացիներուն ԱՄՆ մուտքը արգիլելու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ Al Jadeed նշելով, որ Եէյթց կը հանդիսանայ դաշնային կառավարութեան մեծագոյն փաստաբաններէն մին:
Ըստ աղբիւրին Թրամփի որոշման դէմ դնելով նախարարուհին անսովոր քայլի դիմած էր, յայտնելով, որ Արդարադատութեան նախարարութիւնը պիտի չպաշտպանէ ճամբորդական սահմանափակումներու վերաբերեալ 7 երկիրներու դէմ ուղղուած Թրամփի հրամանը, որովհետեւ ան չէ համոզուած այդ հրամանի օրինական ըլլալուն:
Եէյթց այս կապակցութեամբ նախարարութեան պաշտօնեաներուն յուշագիր մը ուղղած է, ուր կը պահանջէ նման խնդրայարոյց որոշում մը չգործադրել:
Իր հերթին Սպիտակ Տունը յայտարարած է, որ գլխաւոր դատախազի պաշտօնակատար Սալի Եէյթց դաւաճանած է Արդարադատութեան նախարարութեան՝ մերժելով գործադրել Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու պաշտպանութեան ուղղուած օրինական հրաման, աւելցնելով, որ նախագահ Թրամբ պաշտօնանակ ըրած է զինք եւ անոր փոխարէն նշանակած Վիրճինիա նահանգի արեւելեան շրջանի շրջանային դատախազ Տանա Փուէնթէն, մինչեւ որ ծերակուտական խորհուրդը հաստատէ սենաթոր Ճէֆ Սէշընզի արդարադատութեան նախարարի պաշտօնի ստանձնումը: