image

Ալպերթ Ղազարեան ազերի մրցակցին դէմ տարած յաղթանակը նուիրեց հայ զինուորին

Ալպերթ Ղազարեան ազերի մրցակցին դէմ տարած յաղթանակը նուիրեց հայ զինուորին

Շուշիի ազատագրման օրը՝ մայիս 8-ին, Մոսկուայի մէջ կայացած մարտական ըմբշամարտի OFS 8 մրցաշարքի ընթացքին, Հայաստանի դրօշի ներքոյ Ալպերթ Ղազարեանը, մենամարտելով Ատրպէյճանը ներկայացնող Ռուսլան Մուրթազովի հետ, փայլուն յաղթանակ տարաւ:

Ալպերթ «Bruce Lee» Ղազարեանը ռինկ դուրս եկաւ զինուորական համազգեստով, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով։ Ան իր յաղթանակը նուիրեց Արցախին եւ հայ զինուորին: