RTarabic «arabic.rt.com»ը կը գրէ.
Ատրպէյճանի Նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը այսօր՝ Չորեքշաբթի, նախազգուշուցացած է, թէ իր երկիրը անմիջապէս իր դիւանգիտական յարաբերութիւնները պիտի դադրեցնէ բոլոր այն երկիրներուն հետ, որոնք Ղարաբաղի անկախութիւնը կը ճանչնան:
Այնուամենայմիւ, ան վստահութիւն յայտնած է, որ ո՛չ մէկ երկիր նման քայլի կը դիմէ:
Միաժամանակ Ալիւեը շեշտած է հակամարտութեան կարգաւորումէն ետք Ղարաբաղի հայ եւ ատրճէյճանցի ժողովուրդներու միասին ապրելու նախապատրաստութեան անհրաժեշտութեան, կոչ ընելով տարածաշրջանի հայ բնակչութեան չանհանգստանալու:
Ատրպէյճանի Նախագահը յայտնած է, որ ռազմական գործողութիւնները պիտի շարունակուին՝ ազատագրելու համար Ղարաբաղը, միաժամանակ մեղադրած է Հայաստանին զինադադարի ռեժիմը օգտագործելուն՝ ժամանակ շահելու համար, ինչպէս նաեւ պնդած է, թէ Երեւանը կը ձգտի բախումներուն աշխարհագրական դիրքերը ընդլայնել:
Ալիեւը չէ բացառած Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահներ տեղակայելու գաղափարը, սակայն կը կարծէ, որ այդ բանակցայի գործընթացին վերջին կէտը պէտք է ըլլայ:
Նշենք, որ մի քանի օրեր առաջ Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը միջազգային հանրութեան կոչով դիմած էր՝ ճանչնալու համար իր անկախութիւնը, նկատի ունենալոց, որ սա «արդիւնաւէտ միակ գործիքն» է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերականգնումին: Երեւանը, իր կարգին ակնարկած է, որ կարելի է այդ հարցը քննարկել: