image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ հայկական կողմին կրկին կը սպառնայ նոր պատերազմով

Ալիեւ հայկական կողմին կրկին կը սպառնայ նոր պատերազմով

Պաշտօնական Պաքուն հայկական կողմին կրկին կը սպառնայ նոր պատերազմով։ Շաբաթավերջին Ֆիզուլիի շրջան կատարած իր այցի ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շարք մը ելոյթներ ունեցած է նախ զինուորականներու հետ հանդիպման, ապա՝ Ֆիզուլիի բնակիչներու, եւ ամէն անգամ շեշտած, որ «Ազրպէյճանը վերադարձնելու է իր տարածքներն այնպէս, ինչպէս վերադարձրեց Լելէ Թեփէն»։

«Եթէ հայերը եզրայանգումներ չ′անեն ապրիլեան մարտերից, ապա իրենց սպասում են բազմաթիւ շատ յաջող գործողութիւններ՝ Լելէ Թեփէի օրինակով»,- հպարտացած է Ազրպէյճանի նախագահը ։

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ, նոյն օրը, երբ Ազրպէյճան մեկնարկած է լայնածաւալ զօրավարժութիւններու առաջին փուլը, նախագահ Ալիեւը մեկնած է Ֆիզուլիի շրջանի առաջնագիծ՝ գործնական իրադրութեան ծանօթանալու նպատակով։Նոյն ժամերուն ղարաբաղեան կողմը հաղորդած էր ազրպէյճանական զինուժի կողմէ հրադադարի խախտումներու մասին։

Քառօրեայ պատերազմի օրերուն ազրպէյճանական զինուժի կողմէ գրաւուած Լելէ Թեփէ կատարած իր այցի ժամանակ, զինուորականներու հետ հանդիպման, Ալիեւ յայտարարած է, թէ ապագային Ազրպէյճանը մտադիր է արտադրել, ինչպէս նաեւ ներկրել այնքան զէնք-զինամթերք, որքան անհրաժեշտ է։

«Եւ թող Հայաստանի ղեկավարութիւնը յոյսը չդնի ինչ-որ մէկի ուժի վրայ, եթէ ուզում են հարցի խաղաղ կարգաւորում՝ առանց զոհերի, ապա թող լքեն մեր հողերը, մենք էլ չենք ուզում պատերազմել, ընդամէնը ցանկանում ենք վերադարձնել մեր տարածքները։ Մեր ներկայութիւնը Լելէ Թեփէում վկայում է, որ այդ օրը մօտ է»,- ազրպէյճանական ԱՊԱ լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։