«Lebanon 24» կայքը հարցազրոյց ունեցած է թրքական հարցերով քաղաքական վերլուծաբան դոկտ. Մուհամմատ Նուր Ալ Տինի հետ, ուր վերջինս անդրադարձած է տարածաշրջանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
Վերլուծաբանը կարծիք յայտնած է, որ Սուրիոյ պատերազմին իւրաքանչիւր երկիր փորձեց իր նպատակներն իրագործել տարածաշրջանին մէջ:
Վերջերս Աֆրինի մէջ սկիզբ առած «Ձիթենեաց ճիւղ» ռազմական գործողութեան անդրադառնալով, Նուր Ալ Տին նշած է, որ Էրտողան կը պատրաստուի ընդլայնել իր գործողութիւնները, հասնելով մինչեւ Մունպուճ, իսկ պատրուակն արդէն առկայ է. «Անոնք ահաբեկիչներ են, եւ ազգային անվտանգութեան կը սպառնան»:
Նուր Ալ Տին միաժամանակ յայտնած է, որ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկին օրը Էրտողան իր առջեւ դրած էր հասնիլ մինչեւ Մընպէճ եւ Արեւելեան Եփրատ, ու անկէ իրաքեան սահման: Սակայն այս մէկը չի նշանակեր, որ վերջինս իր բոլոր նպատակները միաժամանակ պիտի իրագործէ, այլ, ինչպէս վարչապետ Պինալի Եըլտըրեմ նշած է, Աֆրինի «մաքրագործում»ը չորս հանգրուաններէ պիտի անցնի:
Վերլուծաբանին կարծիքով, Թուրքիա Ռուսիայէն կանաչ լոյս ստացած է Աֆրինի առումով, սակայն վերջիններս չեն կրնար ԱՄՆ ուժերուն գտնուած վայրերուն վերաբերեալ նոյնպէս կանաչ լոյս տալ: Ինչ կը վերաբերի Մունպուճին, Ռուսիա այդ տարածքին վերաբերեալ նոյնպէս որեւէ լիազօրութիւններ չունի, նկատի ունենալով, որ այնտեղ ռուսական ռազմական կեդրոններ չկան: