1 Յունուարէն սկսեալ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին Պան Քի Մունին պիտի փոխարինէ փորթուկալցի Անթոնիօ Կութերէս:
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն ՄԱԿ-ի դիւանագէտներու հետ ունեցած իր վերջին հանդիպման յայտնած է, որ 31 դեկտեմբերին ներկայ պիտի գտնուի Նիւ Եորքի մէջ իր պաշտօնավարութեան աւարտին նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառման: «Միլիոնաւոր մարդիկ պիտի դիտեն, թէ ինչպէս ես կը կորսնցնեմ աշխատանքս»,- կատակով ըսած է ՄԱԿ-ի ղեկավարը, շաբաթ՝ 31 դեկտեմբերին, երկու հնգամեայ պաշտօնավարումէ ետք:
Նշենք, որ Կութերէս պիտի դառնայ ՄԱԿ-ի 9-րդ քարտուղարը: Ան եղած է Փորթուկալի նախկին վարչապետ: Կութերեսի պաշտօնավարութիւնը կ’աւարտի 31 դեկտեմբեր, 2021-ին: Անոր նստաշրջանը կրնայ երկարաձգուիլ՝ մէկ անգամով միայն: