Մարտ 18-ին, Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատը՝ Գաւառներու խորհուրդը, կողմ քուէարկած է Լեռնային Ղարաբաղի համար Խաղաղության ֆորումի ստեղծման, ընդունած է «Լեռնային Ղարաբաղի համար Խաղաղութեան համաժողով. հայերու վերադարձի կարելիութեան ապահովում» խորագրեալ բանաձեւը։
Օրինագիծին կողմ քուէարկած են Խորհուրդի 46 անդամներէն 29-ը։
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է. «Խորհրդարանականները Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ’ընեն հիմնելու առանձին հարթակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութեան կազմակերպման համար»։
Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ապահովել բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան ապահով, հաւաքական եւ արժանապատիւ վերադարձը իրենց պատմական հայրենիքը»։
Այս բանաձեւը անցեալ Դեկտեմբեր 17-ին արժանացած էր խորհրդարանի ներքին պալատի՝ Ազգային խորհուրդի հաւանութեան։
Դաշնակցային խորհուրդի երկու պալատներու կողմէ հաւանութեան արժանանալէ ետք փաստաթուղթը պիտի ստանայ օրէնքի ուժ։