Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը (խորհրդարանի ստորին պալատը) 96 կողմ, 80 դէմ եւ 16 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ այսօր ընդունած է բանաձեւ, որ երկրի կառավարութեան կոչ կ՚ընէ հրաւիրելու միջազգային խաղաղութեան ֆորում՝ նպաստելու Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու միջեւ բաց երկխօսութեան միջազգային հսկողութեան ներքոյ՝ անոնց անվտանգութեան եւ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի հարցերը քննարկելու համար։
Բանաձեւը պէտք է ներկայացուի խորհրդարանի վերին պալատին` Նահանգներու խորհուրդին, եւ անոր կողմէ ընդունուելու պարագային այն օրէնքի ուժ կը ստանայ:
Բանաձեւի հեղինակները կը կարեւորեն Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները պաշտպանելու բանակցութիւններու նոր ձեւաչափի անհրաժեշտութիւնը, քանի որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի կարողութիւնները խիստ սահմանափակ են՝ աշխարհաքաղաքական լարուածութեան պատճառով։
«Զուիցերիան նախապէս քանի մը անգամ յաջողութեամբ հանդէս եկած է որպէս չէզոք միջնորդ միջազգային հակամարտութիւններու մէջ: Ազգային խորհուրդը 2024-ի յունիսին Պիւրկենսթոքի մէջ հիւրընկալեց Ուքրանիոյ վերաբերեալ խաղաղութեան համաժողովը։ Զուիցերիան նաեւ արժէքաւոր ծառայութիւններ մատուցած է Հայաստանին. 2009-ի հոկտեմբերին Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուեցան «Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները», որոնք ուղղուած էին երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման»,-ըսուած է բանաձեւին մէջ։
Խորհրդարանականները կը կարծեն, որ Զուիցերիոյ տնտեսական շահերէն կը բխի տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումը՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթային սերտ համագործակցութիւնը․ «Սա մասնաւորապէս կը ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնական իրաւունքներու վերականգնումը։ Միջազգային խաղաղութեան համաժողովը կրնայ վճռական ներդրում ունենալ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ, հնարաւորութիւն տալ տեղահանուածներու վերադարձին եւ ատով իսկ նպաստել ողջ տարածաշրջանի կայունացման»։