image

Զօրակցինք Պոլսահայ մամուլի նահապետին՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ին

Զօրակցինք Պոլսահայ մամուլի նահապետին՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ին

Յուսալի է անշուշտ, որ այսօր  Պոլսոյ մէջ  այս թերթին հանդէպ առկայ անտարբերութիւնն ալ  վերանայ ու  հայկական ամենահեռաւոր օճախներուն մէջ  մեր ընդհանրական խնդիրներուն սիւն ու թիկունք դարձած մեր հայրենակիցները  ամէն գնով փորձեն իրենց «այրիի լումա»ն տրամադրել ՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ին, միշտ ունենալով այն ընկալումը որ մեզի  մանաւանդ, արեւմտահայերուս համար մեծ իմաստ ու ժառանգութիւն հանդիսացող  այդ քաղաքը  չկորսնցնէ, իր երանգներէն մին,  ու լռութեան չմատնէ  իր ամենաազնիւ  ու իրաւացի ձայներէն մին։

 

Օրերս իր 114 -րդ տարեդարձը  նշած  պոլսահայ մամուլի նահապետ՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը կ՚ապրի դժուարին օրեր։

 Թէ  թերթի ճակատին հրապարակուած խմբագրականը եւ թէ ալ թերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Արա Գօչունեանին կողմէ  եղած յայտարարութիւնները  կուգան ցոյց տալու, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը օրհասի մէջ է ու նաեւ տալով ազդանշան մը, որ եթէ դրութիւնը այս ընթացքով շարունակուի, ապա անոր   հարիւր եւ աւելի տարիներու երթը կրնայ  կորսնցնել իր թափը եւ յոռեգոյն պարագային ալ դադրիլ լոյս տեսնելէ։

 

 Այստեղ հարկ է  նշել, որ հակառակ  աշխարհով մէջ սփռուած հայկական տպագիր մամուլին  պարզած  ընդհանուր վիճակին, «ԺԱՄԱՆԱԿ» շնորհիւ իր աչալուրջ եւ  գործունեայ գլխաւոր խմբագրին, խմբագրութեան անդամներուն ու ողջ անձնակազմին կարողացաւ  իրեն համար ուրոյն տեղ մը գրաւել ու այլապէս ալ դառնալ, ոչ միայն պոլսահայ կեանքի հայելին, այլ նաեւ համահայկական օրակարգերու իրական բարձրախօսը։

 

 Կողմ չունի «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը, անոր կողմ ու պատկանելիութիւնը մեր ժողովուրդն է։ 

 Իր տագնապներով, իր  այսօրով, իր ցաւերով, իր հարցումներով ու յատկապէս վաղուայ հետ կապուած մեծ հարցադրումներով ու թերեւս հոս է, որ կը գոյաւորուի, յաւելեալօրէն կ՚իմաստաւորուի անոր երթն ու  սլացիկ խօսքը։

 

 Գիտենք, հինէն գիտենք, որ ինչպէս սփիւռքի ամենատարբեր գաղութները, նոյն ալ Պոլիսը, հայկական Պոլիսը ունի իր իւրայատկութիւնները, իր խնդիրները, իր ամէնօրեայ պայքարներն ու  վաղուան  համար բացուած  ամուր առագաստները։

 Ու այդ բոլորին մէջ, եթէ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ին հանդէպ կայ որոշակի անտարբերութիւն, նոյնինքն  իր «իւրայիններ»էն, ապա  այն վիճակն է որ պէտք է վերջնականապէս  փարատի։

 

 Ու այս առումով ալ, եթէ անգամ հեռու մնանք   առկայ խնդիրները մանրազննին կերպով «Արեւելք»ի հանրութեան առջեւ ներկայացնելու  բարդ ու դժուարին  պարտականութիւնէն, մեզի համար, ինչպէս երէկ այսօր ալ էական կը մնայ , որ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը դուրս գայ այս  դժուարութիւններէն ու վերադառնայ իր շէնշող ու յուսադրիչ  վիճակին։

 Մանրամասնութիւնները անշուշտ է, որ կարեւոր են, սակայն էականը   Պոլսոյ սրտէն  բխող եւ մեր բոլորին համար սիրելի  «ԺԱՄԱՆԱԿ»ին  օգնութեան ձեռք  երկարելն է։

 Յուսալի է անշուշտ, որ այսօր  Պոլսոյ մէջ  այս թերթին հանդէպ առկայ անտարբերութիւնն ալ  վերանայ ու  հայկական ամենահեռաւոր օճախներուն մէջ  մեր ընդհանրական խնդիրներուն սիւն ու թիկունք դարձած մեր հայրենակիցները  ամէն գնով փորձեն իրենց «այրիի լումա»ն տրամադրել ՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ին, միշտ ունենալով այն ընկալումը որ մեզի  մանաւանդ, արեւմտահայերուս համար մեծ իմաստ ու ժառանգութիւն հանդիսացող  այդ քաղաքը  չկորսնցնէ, իր երանգներէն մին,  ու լռութեան չմատնէ  իր ամենաազնիւ  ու իրաւացի ձայներէն մին։

 

 Ողջոյններ՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի ժողովուրդին,  այն հաւատքով, որ լաւագոյն առիթները դեռ  վաղը պիտի գան, յոյսը չմեռնի ու  ձայնը զուլալ  շարունակէ իր դարաւոր ճամբան։

 

 «Արեւելք»