Պոլսահայ համայնքը խոր կսկիծով ընդունեց Սօնա Լազօղլուի մահուան լուրը։ Ան կը պատկանէր այն նուիրեալ եւ արժանաւոր սերունդին, որ իր կեանքով, ընտանեկան արժէքներով եւ օրինակելի ներկայութեամբ դրոշմ ձգած է համայնքային կեանքին վրայ։ Թէեւ երկար ու բեղուն կեանքէ մը ետք ան իր հոգին աւանդեց Արարիչին, սակայն իր բացակայութիւնը զգալի պիտի մնայ բոլոր անոնց համար, որոնք զինք ճանչցած, սիրած ու յարգած են։ Սօնա Լազօղլուի յիշատակը պիտի շարունակէ ապրիլ իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ համայնքի անդամներուն սրտերուն մէջ՝ որպէս սիրող մայր, գուրգուրալից մեծ մայր եւ նահապետական հայ ընտանիքի արժէքաւոր ներկայացուցիչ։
Ստորեւ կորուստին մասին մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»ի մահագրութիւնը՝
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն Սօնա Լազօղլու: Թէեւ բաւական յառաջացած տարիքի մէջ ան աւանդած է իր հոգին, սակայն, իր կորուստը խոր ցաւ պատճառած է թէ՛ իր սիրելիներուն եւ թէ ընդհանրապէս համայնքային շրջանակներուն: Հարկ է նշել, որ Սօնա Լազօղլու մայրն էր յայտնի բժիշկ Արէտ Լազօղլուին, որ համայնքային կեանքի ապրումներու հետեւողականօրէն մասնակից դէմք մըն է եւ բոլորին անսակարկ ի սպաս կը դնէ իր մասնագիտական խնամքը:
Նորոգ հանգուցեալ Սօնա Լազօղլու եղած էր հայկական նահապետական ընտանիքի տոհմիկ մայր մը, որ իր ամբողջ կեանքը ներդրած էր զաւակներուն եւ թոռներուն: Ան հովանի դարձուցած էր իր անսահման սէրը համայն ընտանիքի անդամներուն նկատմամբ, որոնք մեր համայնքէն ներս բարի համբաւ ու վարկ կը վայելեն:
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Սօնա Լազօղլուի հոգւոյն եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք տքթ. Արէտ Լազօղլուին, Մերի Լազօղլուին եւ թոռներուն: