image

«Զինուորը իր զէնքով, իսկ ես մատիտովս կը պայքարիմ...» Ճօրճ Ամպարճեանի գրառումը

«Զինուորը իր զէնքով, իսկ ես մատիտովս կը պայքարիմ...» Ճօրճ Ամպարճեանի գրառումը

Դիմատետրի մտքի բարեկամներ էջի   համակարգող,  տաղանդաւոր արուեստագէտ՝  Ճօրճ Ամպարճեան կը գրէ՝ 

Այսօր ընկերային ցանցերէն տեղեակ եղայ մեծ արուեստագէտ  (Երգիծանկարիչ) Մասիս Արարատեանի մահուան  մասին։

 Ան Թուրքիա չէ այցելած: Նման անուն-մականունով անձ մը, մանաւանդ Թուրքիոյ դէմ արտադրած իր յանդուգն ծաղրանկարներուն պատճառով,  վստահաբար, Արարատին ու Մասիսին նման, ինք եւս «բռնագրաւուած» պիտի մնար այդ անարդար երկրին մէջ:

Մասիս սկսած է գծել շատ կանուխ տարիքին եւ իր մատիտով աշխարհի խիղճը ուշադրութեան հրաւիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր։

Իր նշանաւոր խօսքը`

«Զինուորը իր զէնքով, իսկ ես մատիտովս կը պայքարիմ թուրքին դէմ»:

Մասիսի օգտագործած զէնքը` իր մատիտը, շատ աւելի հզօր է, քան` որեւէ մահացու զէնք:

Ծանօթ ըլլալով հանդերձ իր արուեստին, շատ տեղեկութիւններ չունիմ իր անցեալին մասին, բայց իր արուեստը ամէն ինչ կը պատմէ իր մասին  ։

Կիլիկիայէն գաղթած բազմանդամ ընտանիքի մը զաւակը, որ կեանքին առաջին երկու տասնամեակը, Հալէպի մէջ անցընելէ ետք հաստատուած է Լիբանան, ապա` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, դարձեալ բռնած է գաղթի ճամբան` խարիսխ նետելու սփիւռքի ամենամեծ հայկական գաղութներէն մէկը դարձած Լոս Անճելըս: 

Մասիս Արարատեանի գործերը հրապարակուած է Հայկական բոլոր թերթերուն մէջ։

Աստուած հոգին լուսաւորէ մեծ արուեստագետին։

 

 Գրառումը՝ Ճօրճ Ամպարճեանի