Զինուորի տունը նոր բաժանմունք ունի: Սա Հայաստանի մէջ առաջին կեդրոնն է, որ նախատեսուած է ինչպէս վերականգնողական խնամքի, այնպէս ալ գանգուղեղային ծանրագոյն վնասուածքներէն յետոյ տղոց վերականգնման համար, կը տեղեկացնէ կառավարութեան դիմատետրեան էջը:
Ինչպէս Զինուորի տան մնացած բոլոր ծառայութիւնները, այս մէկը եւս անվճար պիտի մատուցուի:
«Բաժանմունքը գործելու է Միքայէլեան համալսարանական հիւանդանոցի տարածքում. դա անհրաժեշտութիւն էր, քանի որ ծանր վիրաւորումներով զինուորներին վերակենդանացնողներից բացի նոյն տեղում, առանց տեղաշարժելու կը կարողանան բուժօգնութիւն ցուցաբերել նաեւ այլ նեղ մասնագէտներ»,– ըսուած է կառավարութեան դիմատետրեան էջը զետեղուած հաղորդագրութեամբ: